Կարէն Սիմոնեանը կը ճանչնամ 1979էն, երեսուն տարիէ աւելի: Սակայն ձեզի հրաւէրը չեմ կարդար զինք սիրելու կամ յարգելու: Այլ միմիայն կը թելադրեմ որ ոտքի վրայ չկեցող պնդումները փաստի տեղ ծախու չառնէք, բայց մանաւանդ՝ ծախու չհանէք:
Այո, Կարէն Սիմոնեան կը բնակի Ալֆորվիլ անշուք արուարձանին մէջ՝ քաղաքապետարանին կողմէ զեղչեալ վարձքով տրամադրուած համեստ այլ մարդավայել շէնքերէն մէկուն մէջ: Իր բնակած տեղը կարելի է դիտել Կուկլի քարտէսներուն մէջ՝ վերէն ու քովէն ու համոզուիլ որ ապարանք մը չէ, ոչ ալ դղեակ:
Միլիոնները գրպանած ըլլար՝ ինչո՞ւ հոն հաստատէր բնակութիւնը: Տեսնենք մէյ մը. Մուպարաքը կամ Քատտաֆին պիտի գա՞ն նոյն շէնքին մէջ յարկաբաժին մը գրաւելու:
Կարէն Սիմոնեանը Հայաստանէն հեռացած է 1993ին՝ վեհանձն, անստգիւտ եւ անշահախնդիր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրօք: Այդ օրերուն արդարադատութեան մեքենան կը բանէ՞ր արդեօք, զեղծարար-դրամաշորթ-կողոպտող կը ձերբակալուէի՞ն ի հարկին, թէ՞....: Այն ատենուան գողերը իրենց գողօնին վրայ նստած են մինչեւ օրս, եւ իրենց մազին իսկ դիպչող չկայ: Անոնց պէս մէկը եղած ըլլար Կարէն Սիմոնեանը՝ ինչո՞ւ հեռանար Հայաստանէն. մնա՜ր ու շերեփը շարժէր միւսներուն նման:
Կարէն Սիմոնեանը իր պաշտօնէն հեռացած է իր կամքով եւ ոչ թէ պաշտօնանկ եղած: Ընդունուա՞ծ, տարածուա՞ծ վարուելակերպ մըն է երէկուան կամ այսօրուան Հայաստանի մէջ, ուր ակռաներով կը կառչին աթոռին:
Գալով գրողներու միութեան... կը յիշէ՞ք այն ատենուան նախագահին անունը: Հրանդ Մատթէոսեանը չէ՞ր: Ան եւ իր դուստր Շողերը, որ «Չորրորդ Իշխանութիւն» լրագրին խմբագրապետն է, ՀՀՇական իշխանութեանց թմբկահարները չէի՞ն: Կարելի՞ է որ եւ է մէկը (Կարէն Սիմոնեանը կամ մեր գիւղին Յակոբը) դատել ՀՀՇի բարոյական չափանիշներով եւ ձեռքը խղճին վրայ դնելով յայտարարել որ մարդը գող է:
Փակագծի մէջ ալ ըսեմ որ (նուփզնոյն ձեւով Սոլժենիցինն ալ ատենին քշեր էին Գրողներու միութենէն. յետո՞յ ինչ. գրող ըլլալը կամ չըլլալը անդամակցութեա՞մբ կ'որոշուի: Կարէն Սիմոնեանի հեղինակած թատերակները ֆրանսական բեմերուն վրայ կը խաղացուին, տարոսը միութեան անդամ «իսկական» գրողներուն):
Այն պնդումը որ Կարէն Սիմոնեանը նախապէս չէ ծաւալած որ եւ է քաղաքական կամ հանրային գործունէութիւն պարզապէս ծիծաղելի է: Երկար-բարակ պատմելու փոխարէն կրնամ մէկ-երկու լուսանկար ուղարկել: